2014-08-28 10:35:25

Վատիկանեան տեղեկութիւններ` Քուպայի պաշտպան Սրբուհիի արձանը Վատիկանի մէջ։


Վատիկանի դրոշմաթուղթի գրասենեակը` այսօր կը հրապարակէ երեք դրոշմաթուղթերու շարք մը, ոգեկոչելու համար` Ս. Քամիլլօ Տէ Լիլլիսի մահուան 4-րդ դարադարձը, Պօղոս Զ Քահանայապետի երանացումը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ հոկտեմբեր 2014-ին եւ Ս. Պիոս Ժ Քահանայապետի մահուան առաջին դարադարձը։ Նշենք որ Պիոս Ժ-րդ Հռոմի Պապը եղաւ` կաթողիկէ եկեղեցւոյ 257-րդ Քահանայապետը (1903-1914)։
Միշտ այսօր առաւօտեան ժամը 9-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ ''Վիրճին Տէ լա Քարիտատ Տէլ Քոպրէ''` Քուպայի պաշտպան սրբուհի` Մարիամ Ս. Աստուածածնայ արձանին օրհնութեան արարողութիւնը գլխաւորութեամբ Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի։ Արձանը նուէր է Քուպայի եպիսկոպոսաց համահաւք դասի անդամ եպիսկոպոսներուն։ Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Վատիկանի Պետական Կառավարութեան նախագահ` Կարտինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոյի արտասանած բարի գալուստի խօսքով ապա տեղի ունեցաւ Արձանին օրհնութեան արարողութիւնը զոր գլխաւորեց Սենեկապետ Կարտինալ` Թարչիզիօ Պերթոնէն որ ապա ճառ մը արտասանեց ներկաներուն։ Խօսք առաւ նաեւ Քուպայի եպիսկոպոսաց համահաւք դասի ներկայացուցիչը ու եզրափակիչ աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ ընդունելութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.